ԹԵՆԻՍ- ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ՊԼԷՅՔԷՆ
Ուաշինկթընի Լեկ Մէյսըն թենիս Քլասիք-2011-ի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Դաւիթ Նալպանտեան (Արժանթին) – Ճէյմզ Պլէյք (Միացեալ Նահանգներ) Բ. հանգրուանի ճակատումը:
29 տարեկան արժանթինահայ մարզիկը (տիտղոսակիր), որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով դէմ յանդիման կու գար 31 տարեկան ամերիկացիին հետ, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 12 վայրկեան:
Գ. հանգրուանին Պլէյք իր դէմ պիտի ունենայ իր համերկրացին` Ճոն Այզնըրը (26 տարեկան), որ երէկ 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Թոպիաս Քամքէի (25 տարեկան):
Նշենք, որ տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ 264 հազար ամերիկեան տոլար եւ 500 կէտ:
CATEGORIES Մարզական