ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ տեղեկագիրը պիտի հրապարակուի 10 օգոստոսին եւ եթէ ուշանայ, մենք պիտի յայտարարենք ինչ որ գիտենք», յայտնեց հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Արիտի երէկ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Մէկուկէս տարի առաջ ջախջախուած եթովպիական օդանաւի դէպքին տեղեկագիրին անդրադառնալով` նախարար Արիտի ներկաներուն փոխանցեց այս հարցին կրած հիմնական զարգացումները` նախորդ տեղեկագիրի հրապարակումէն` 10 փետրուար 2010-էն ի վեր:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի երէկ այցելեց աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան լիբանանցիներու եւ պաղեստինցիներու աշխատանքի պայմաններուն եւ օրէնքի բարելաւման վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ իբրեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ: Նմանապէս, փոխնախագահներ Սըժաան Քազզի եւ Շաքեր Աուն վերընտրուեցան փոխկուսակցապետի իրենց պաշտօններուն վրայ: Կուսակցութիւնը 7 օգոստոսին պիտի ընտրէ իր Քաղաքական գրասենեակի 16 անդամները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուցած է իր ունեցած սեփականութիւններն ու կալուածները: