ԲԱՆՏԵՐՈՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

«Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան համաձայն, կառավարութիւնը իր վերջին նիստին որոշած է Լիբանանի բանտերու հոգածութեան եւ հետապնդման պատասխանատուութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան փոխարէն յանձնել արդարադատութեան նախարարութեան:

Այս գծով ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարներ Մարուան Շարպել եւ Շաքիպ Քըրթպաուի պիտի պատրաստեն յատուկ ծրագիր մը` այս հարցին վերաբերող առնչակից պահանջներուն եւ պայմաններուն գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES