ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՀԵՌՈՒ ՉԷ ՍՈՒՐԻԱՆ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՍՈՂՈՒԹԵՆԷՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՊԱՆԸ

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Ալի

Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի Ռամատանի առիթով իր կատարած շնորհաւորական այցելութեանց ծիրին մէջ երէկ այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի:

Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային ու յատկապէս լիբանանեան վերջին զարգացումներուն վրայ:

«Լիբանան հեռու չէ Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւերէն», յայտնեց դեսպան Ալի` նշելով, որ Լիբանան եւս կրնայ ազդուիլ Սուրիոյ ներկայ վիճակի հետեւանքներէն:

Share this Article
CATEGORIES