ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՅՈՅՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ԳԾՈՎ

«Նախարարաց խորհուրդը երէկ (նախանցեալ օր) քննարկեց ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող 10 օրէնքի նախագիծեր, յոյսով եմ, որ արդիւնքները կը տեսնենք մօտերս», յայտարարեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր խորհրդակցութեանց աւարտին:

«Խորհրդարանի նիստին արծարծուած հարցերն ու երեսփոխաններուն խօսքերը ձեւով մը հաշուետուութիւն կը պահանջէին կառավարութեան նախորդ կազմերէն: Բոլորս ալ հաշուետուութեան պիտի ենթարկուինք մեր կատարած իւրաքանչիւր արարքին համար», ընդգծեց վարչապետ Միքաթի:

 

Share this Article
CATEGORIES