ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ՊԱՀԱՆՋԵՑԻՆՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը` իր հերթական նիստին ընթացքին

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Տիմանի մէջ գումարեց ամսական իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նիստի աւարտին ժողովականները յոյս յայտնեցին, որ կառավարութիւնը կարենայ հարթել վարչական նշանակումներուն գծով յարուցուող դժուարութիւնները` մաղթելով, որ նշանակումները կատարուին ատակութեան ու բարոյական չափանիշներու վրայ հիմնուելով:

Անոնք պետութենէն պահանջեցին պաշտպանել սեփական կալուածները:

Share this Article
CATEGORIES