ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲՈՂՈՔ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ
Ինչպէս կը նախատեսուէր, արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ՄԱԿ-ին մօտ Լիբանանի պատուիրակութեան միջոցով պաշտօնական բողոք ներկայացուց Իսրայէլի ոտնձգութեանց դէմ:
ՄԱԿ-ի ներկայացուած բողոքին մէջ կը նշուի, որ Իսրայէլ իր վերջին գործողութիւններով յստակօրէն կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին տրամադրութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան