ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին ընթացքին ընդհանրապէս քննարկեց 28-30 յուլիսին Ժամհուրի դաշտին վրայ Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ այլ մանրամասնութիւններ:
Ֆետերասիոնը նախ եւ առաջ վաւերացուց տղոց 110 մեթր արգելարշաւի (14″ 06) եւ աղջկանց մէկ քայլ ոստումի (5, 43 մեթր) մրցումներուն արձանագրուած լիբանանեան մրցանիշները:
Ֆետերասիոնը մինչեւ 2011 տարեշրջանին աւարտը կախակայեց Ռամզի Նայիմը (Ապր Լուպնան ակումբէն), որ տղոց 400 մեթր վազքի մրցումներուն ոչ մարզավայել կեցուածք ունեցած էր:
Նոյն ակումբին մաս կազմող Ռոժէ Պաժանի մէկ տարիով կախակայուեցաւ եւ անոր արգիլուեցաւ ոչ մէկ պատասխանատու պաշտօն ստանձնել տեղական, արաբական եւ կամ միջազգային որեւէ տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին` նկատի ունենալով, որ յարձակած էր ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նուրէտտին Քուշի վրայ: Ատկէ բացի, անոր ակումբը մէկուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Վերջապէս, վերոնշեալ ակումբին պատասխանատուներէն Զուհէյր Նաժի վերջին անգամ ըլլալով ազդարարուեցաւ, որպէսզի յառաջիկային ըլլայ աւելի զուսպ: