ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿՈՂՄԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ «ԱՍԱՏ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ

Պան Քի Մուն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ յայտնեց, որ ցոյցերը ճնշելու համար սուրիական կառավարութեան կիրարկած բռնարարքները «իրենց վայրագութեամբ ցնցիչ են»: Ան յայտնեց, որ դարձեալ պիտի փորձէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ խօսիլ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի չորեքշաբթի օր որդեգրած յայտարարութիւնը «միջազգային համայնքին կողմէ յստակ պատգամ մըն է»` ուղղուած նախագահ Ասատին, որ կը մերժէ Պան Քի Մունի հեռաձայնային հաղորդակցութեանց պատասխանել:

Ան նշեց, որ «աշխարհը առաւելագոյն մտահոգութեամբ հետեւեցաւ Սուրիոյ կացութեան վատթարացման, սակայն վերջին օրերու դէպքերը աւելի ցնցիչ էին իրենց վայրագութեան պատճառով»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ ընդգծեց, որ «այսպէս շարունակելը անընդունելի է»` յայտնելով, որ «Ասատ եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար այսպէս իրենց ժողովուրդին սպանութիւնը շարունակել»: Ան Ասատին դարձեալ կոչ ուղղեց բռնարարքները դադրեցնելու, խոստացած բարեփոխումները գործադրել սկսելու եւ մարդասիրական օժանդակութեան գործիչներուն արտօնելու Սուրիոյ մէջ գործելու:

Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընտրութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն վերաբերող բարեփոխուած օրէնքները հրապարակեց: Իսկ սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանը կիրակի կէսօրին արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար «հայրենիքն ու քաղաքացիները հետաքրքրող հարցեր»:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ նախագահ Ասատին կոչ ուղղեց բարեփոխումներ կատարելու եւ ընդդիմութեան հետ հաշտութիւն գոյացնելու` նշելով, որ Ասատ «տխուր ճակատագիր»ին հետ դէմ յանդիման գտնուելու վտանգին կը դիմէ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ շաբաթներ տեւած բանակցութիւններէ ետք Սուրիոյ իրադարձութեանց շուրջ յայտարարութիւն մը հրապարակելով հաւասարապէս դատապարտեց Սուրիոյ իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը: Յայտարարութիւնը դատապարտեց Սուրիոյ իշխանութեանց կողմէ ցուցարարներուն դէմ շղթայազերծուած «ճնշումի արիւնալի արշաւը» եւ կոչ ուղղեց այդ արշաւին պատասխանատուները «հաշուետուութեան կանչելու»:

Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ Դամասկոս պարտաւոր է «ամբողջական կերպով յարգելու մարդկային իրաւունքները եւ կատարելու միջազգային իրաւունքի իր պարտաւորութիւնները:

Փաստաթուղթը կ՛ընդգծէ, որ ոչ միայն Ասատ եւ անոր կառավարութիւնը, այլ նաեւ ընդդիմութիւնը պէտք է «անյապաղ դադրեցնեն բռնարարքները, գործեն առաւելագոյն զսպուածութեամբ եւ զերծ մնան վրէժխնդրութենէն, մասնաւորաբար պետական հաստատութիւններու վրայ յարձակումներէն»:

Լիբանան եղաւ Ապահովութեան խորհուրդի միակ անդամը, որ մերժեց պաշտպանել յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու «պիտի չնպաստէ»:

Մինչ այդ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ իշխանութեան վրայ Ասատի մնալը որեւէ ձեւով զինք չի հետաքրքրեր` նշելով, որ Սուրիա առանց անոր աւելի լաւ վիճակ պիտի ունենայ: Սպիտակ տունը նաեւ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն սուրիական կառավարութեան վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու միջոցներ կը փնտռէ:

 

Share this Article
CATEGORIES