ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՒ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ուժանիւթի մարզի զարգացման վերաբերող հարցեր:
Երկու կողմերը նշեցին ուժանիւթի մարզին մէջ մեծ ներուժի եւ այստեղ երկու հայկական հանրապետութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան լաւ հեռանկարներու գոյութեան մասին:
Նախագահ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօր. Եուրի Խաչատուրովի հետ:
Հանդիպումին որուն ներկայ էր Արցախի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մովսէս Յակոբեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Հայկական

