ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻԼ ԼԱՀՈՒՏԻ ՏՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ՈՒԱՀԱՊ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԸԼԼԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ
«Պահանջուածը կազմութիւնն է Լիբանանի պաշտպանութեան հովանիի մը, որուն նաեւ մաս կազմէ Սէուտական Արաբիան, յայտարարեց նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ, նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի տուած իր այցելութեան աւարտին:
Այս առիթով Ուահապ անդրադարձաւ Սուրիոյ վերջին դէպքերուն` թելադրելով, չչափազանցել անոնց տարողութիւնը` իբրեւ սուրիական վարչակարգը փուլ բերելու կոչուած քայլեր:
«Լիբանանի շահերը կ՛առաջադրեն, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները ըլլան լաւագոյն մակարդակի վրայ», ընդգծեց Ուահապ` դիտել տալով, որ սուրիացիք իրե՛նք որոշեն իրենց երկրին ներքին հարցերը:
CATEGORIES Լիբանանեան