ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Թերթը կ՛անդրադառնայ հարաւային Լիբանանի ջրաբաշխումի ընկերութեան եւ դոկտ. Մարալ Թիւթելեան-Կիտանեանի գլխաւորած վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան միջեւ կնքուած համաձայնութեան, որուն կիրարկումը պիտի սկսի յառաջիկայ սեպտեմբերին:
Այս լուրին կ՛անդրադառնան նաեւ լիբանանեան այլ թերթեր, ինչպէս` Շարք:
– «Նահար» իր երէկուան թիւով նաեւ կ՛անդրադառնայ հանրածանօթ գրագէտ, հասարակական գործիչ Զօրի Բալայեանի գլխաւորած «Արմենիա» առագաստանաւուն Պէյրութ ժամանումի լուրին:
Այս լուրին անդրադարձած են նաեւ լիբանանեան այլ թերթեր:
– Իր հիմնադրութեան 79-ամեակին առիթով ակնարկով մը թերթի պատասխանատու խմբագիրներէն Նայլա Թուէյնի – Մաքթապի կ՛անդրադառնայ այս ճամբուն վրայ զոհուած թերթի աշխատակիցներուն, որոնց կարգին` հայազգի նահատակ լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեանին:
«ՏԻԱՐ»
Թերթը Ասորիներու լիկայի անդամ Մարկրիթ Խաչոյեանի ստորագրութիւնը կրող «Արեւելքի քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր» խորագրեալ յօդուածը հրատարակած է:
Այլ յօդուածով մը «Տիար» կ՛անդրադառնայ հիւսիսային Մեթնի ընտրական նախապատրաստական քուլիսային քայլերուն:
«ՍԱՖԻՐ»
– Թերթը լոյս ընծայած է Միշել Մըրի «Օրերը պիտի փաստեն, թէ մենք ներկայ ենք հրապարակին վրայ» խորագրուած մէջբերումով յօդուածը:
– Հրատարակած է Ժամիլ Մաթարի ստորագրութեամբ «Երազը իրականացաւ… Թուրքիա քաղաքացիական պետութիւն» խորագիրով յօդուածը:
– «Սաֆիր» նաեւ լոյս ընծայած է հետեւեալ խորագիրներով յօդուածները:
– «Եթէ վարչակարգը փուլ գայ Սուրիոյ մէջ»` Հիշամ Տաուտի ստորագրութեամբ.
– «Սուրիոյ ազգային եւ կրօնական շարժումներուն դիրքը ի՞նչ է» խորագիրով յօդուածը` Սաքր Ապու Ֆախրի ստորագրութեամբ:
Այս յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայերուն:
– «Թուրքեւիրանեան մրցակցութիւնը Իրաքի մէջ»` Հայֆա Զաայթերի ստորագրութեամբ:
– «Սաֆիր» նաեւ տեղ տուած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան համագումարին վերաբերող յօդուածի մը` Մարուն Նասիֆի ստորագրութեամբ:

