ԽՈԱՔԻՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ` ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ
Ուրուկուէյահայ ֆութպոլիստ Խոաքին Պօղոսեան, որ 2010-ի ամրան տեղափոխուեցաւ աւստրիական Ռետ Պուլ Սալզպուրկի, այժմ նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է: Ցարդ Պօղոսեանով հետաքրքրուած են Օլիմփիա (Փարակուէյ), Նասիոնալ (Ուրուկուէյ), եւ ՓԱՈՔ Սալոնիքա (Յունաստան):
Ինչպէս զգալի է, հայազգի ֆութպոլիստին համար աւստրիական արհեստավարժ ասպարէզը յաջողութեամբ չպսակուեցաւ: Նկատի ունենալով, որ ան տպաւորիչ խաղարկութիւն չունեցաւ, ակումբին համակիրները Պօղոսեանը անուանեցին «կաղ ցուլ»:
Շուրջ երկու ամիս առաջ «կարմիր ցուլերուն» մարզական տնօրէնը յայտարարած էր ըսելով, որ ակումբը այսուհետեւ հետաքրքրուած չէ 24 տարեկան ֆութպոլիստին ծառայութիւններով:
Աւստրիական մամուլին հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Պօղոսեան ըսաւ, որ ինք կը փափաքի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հեռանալ Սալզպուրկէն:
Նկատի ունենալով, որ մարզիկներու փոխանցումները կը մօտենան իրենց աւարտին, Պօղոսեանի ապագան կը մնայ հարցականի տակ:
Շատ հաւանաբար Պօղոսեան եւ անոր գործավարը ներկայ այս հանգրուանին բանակցութիւններ կը կատարեն միայն ՓԱՈՔ-ի հետ, եւ անոր ստանալիք գումարին շուրջ որոշ անհամաձայնութիւն կայ:
Օլիմփիի եւ Նասիոնալի մարզիչները եւս կը գտնուին նոյն վիճակին մէջ, որովհետեւ անոնք կ՛ըսեն, որ իրենք Պօղոսեանին չեն կրնար վճարել այն, ինչ որ ան կը գանձէ աւստրիական կազմին հետ:
Երկուքին մարզիչներն ալ կ՛ըսեն, որ «մենք թէեւ ամէն օր կը սպասենք անոր պատասխանին, սակայն միեւնոյն ժամանակ մտադիր չենք այս հարցը ձգձգել»: