ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 30 յուլիս 2011-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբը կազմակերպեց ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, որուն ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, բազմաթիւ ներկաներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց ներկայացուցչական խումբը: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի աղջկանց ներկայացուցչական խումբի պաշտօնական հովանաւորներ «Պի. Էլ. Սի.» դրամատան ընդհանուր տնօրէնի ներկայացուցիչ Ալպեր Պապիկեան, «Զարտման» հաստատութեան տէր Կի Մանուկեան եւ «Քոնթինենթըլ» հաստատութեան ներկայացուցիչը:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Ճերենեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք խանդավառ երգերով ելոյթ ունեցաւ Լիզա Սվաճեան: Ապա Յակոբ Ճերենեան բեմ հրաւիրեց «Զարտման» հաստատութեան սեփականատէր Կի Մանուկեանը, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբին յատուկ յուշանուէրը յանձնէ Ժաք Նալպանտեանի` առ ի գնահատանք անոր երկար տարիներու ծառայութեան եւ նուիրումին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբերուն մէջ` իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ:
Ազգային եւ յեղափոխական երգերով երեկոն խանդավառեց սիրուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան:
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ