ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԾՆԵՐՈՒ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԷ ԱՅՍ ՄԱՐԶԻ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց ելեկտրական կազմածներու արհեստաւորներու սենտիքայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ղասսան Պլպոլի:
Քննարկուեցան ճարտարարուեստի եւ յատկապէս նշեալ մարզի վերաշխուժացման ու ծաղկեցման նպաստող միջոցառումները: Նախարար Սապունճեան խիստ կարեւոր նկատեց ելեկտրական կազմածներու եւ սարքաւորումներու պատրաստութեան մարզը` զայն նկատելով ճարտարարուեստի խոստմնալից մարզերէն մէկը: Ճարտարարուեստի նախարարը ամբողջական պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց վերակենդանացնելու Արտածումներու ծանուցման գործակալութեան օրինագիծը` խոստանալով այս հարցը հետապնդել պետական պատկան մարմիններուն մօտ:
Խորհրդակցութիւնները նաեւ կեդրոնացան ազգային արտածումներու մրցակցութեան զօրացման զարկ տուող միջոցառումներուն վրայ, ինչպէս.
– Արտադրութեան ծախսերու նուազեցում:
– Այս մարզի ենթակառոյցի բարելաւում:
– Ելեկտրական կազմածներու միջազգային չափանիշներու որդեգրում:
– Վարկաւորման լիբանանեան խորհուրդի կազմութեան փութացում:
Այս առիթով Ղասսան Պլպոլ նախարար Սապունճեանին փոխանցեց ճարտարարուեստի շրջանակներու գոհունակութիւնը` իբրեւ իրենց գործակից նախարարին նշանակման առիթով: