ԻՏԱԼԻՈՅ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ` ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ

Տիտղոսակիր Ա. Սէ. Միլանի մարզիկները

Շաբաթ, 6 օգոստոսին, Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Միլանօ քաղաքի երկու կազմերը` Ա. Սէ. Միլան եւ Ինթեր Միլան:

Ինթեր Ա. կիսախաղին յաջողեցաւ 1 – 0 արդիւնքով յառաջանալ` շնորհիւ հոլանտացի միջնապահ Ուեսլի Շնայտըրի նշանակած կոլին (22-րդ): Սակայն Իտալիոյ ախոյեանը բ. կիսախաղին տարաւ վերջնական յաղթանակը եւ տիրացաւ տիտղոսին` նշանակելէ ետք 2 կոլ: Անոր երկու կոլերը նշանակեցին Զլաթան Իպրահիմովիչ (60-րդ) եւ Քեւին-Փրենս Պոաթենկ:

Նշենք, որ Քալչիոն (Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) կը սկսի 28 օգոստոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES