ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԱՐԾԱՐԾՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՐՏԱՔՍԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իգտիրի մէջ գործող այսպէս կոչուած Հայկական պնդումներու դէմ պայքարի միութիւնը Թուրքիայէն կը պահանջէ արտաքսել ապօրինի կերպով այդտեղ բնակող հայաստանցիները:
Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղար Էրկան Հաճըքասըմօղլու յայտնած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան ուղարկած է նամակ մը, որուն մէջ նշած է, որ անհրաժեշտ է ապօրինի կերպով Թուրքիոյ մէջ բնակող հայաստանցիները արտաքսել: «Թուրքիոյ մէջ ապօրինի ապրող հայերը ազատօրէն կը շրջին մեր երկրին մէջ, իսկ հայ զբօսաշրջիկները` առանց թոյլտուութեան կը զբօսնեն իրենց նախընտրած վայրերուն մէջ: Սակայն մենք` իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն, մտահոգութիւն կը յայտնենք այն բանի առնչութեամբ, որ այդ հայերը մեր երկրէն հեռանալէ ետք այլ վայրերու մէջ թրքական պետութեան եւ ազգին դէմ կը սկսին հակաքարոզչութեամբ զբաղիլ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մենք շատ լաւ գիտենք, որ տարիներ առաջ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք Պոլսոյ փողոցներուն մէջ «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք» կարգախօսը հնչեցնողներուն մէջ կային նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար բնակող հայեր: Մեր երկրին մէջ բնակող մեծահարուստ հայ գործարարներու պաշտպանութեան տակ գտնուող ապօրինաբար բնակող հայերը, որոնց թիւը օրէ օր կ՛աճի, պէտք է անյապաղ արտաքսուին Թուրքիայէն: Մեզ` Թուրքիոյ քաղաքացիներս, կը մտահոգեն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ամէն յարմար առիթով կատարուող հակաթրքական յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար կերպով բնակող հայերու թուաքանակի աճը»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամը չէ, որ կը սպառնան արտաքսել ապօրինաբար այդտեղ բնակող հայերը: Անցեալ տարի «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այդպէս սպառնացած էր նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` յայտարարելով, որ «երկրիս մէջ 170 հազար հայ կայ, որոնցմէ 70 հազարը իմ քաղաքացիներս են: Սակայն միւս հարիւր հազարին նկատմամբ մենք աչք կը փակենք: Իսկ վաղն ալ, եթէ պէտք ըլլայ, այդ հարիւր հազարին ալ կ՛ըսեմ` ձեր երկիրը գացէ՛ք: Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք իմ քաղաքացիներս չեն, ես ալ պարտաւոր չեմ զանոնք երկրին մէջ պահել»: