«ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՊԱՏՐԱՆՔ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Գալուստ Սահակեան

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան նշեց, որ Հայ ազգային քոնկրեսը կը ստեղծէ այն պատրանքը, որ իր ներկայութիւնը այնքան զօրաւոր է, որ իշխանութիւնը միայն իրեն հետ երկխօսութիւն կը կատարէ:

Ըստ հանրապետական պատգամաւորին, Հայ ազգային քոնկրեսը կը փորձէ հանրութեան ցոյց տալ, որ իշխանութիւնը կը փորձէ իրեն հետ երկխօսութիւն կատարել: Սահակեան նշեց, որ իշխանութիւնը երկխօսութիւն կը կատարէ նաեւ այլ քաղաքական ուժերու հետ, ինչպէս` Ժառանգութեան եւ Դաշնակցութեան հետ: Ան աւելցուց, որ այս երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայ ազգային քոնկրեսը իր հանրահաւաքներուն մէջ աւելի շատ ինքզինք գովէ: Ըստ անոր, Քոնկրեսը երկխօսութիւնը կ՛օգտագործէ իր հանրահաւաքներուն մէջ երեւակայական, հեքիաթային մեծախօսութիւններ պատմելու համար:

Ան նաեւ բացայայտեց իշխանութեան հասնելու Հայ ազգային քոնկրեսի դրդապատճառներէն մէկը. «Կը տեսնեն, որ պետական պիւտճէն լեցուած է եւ կ՛ուզեն գալ ու դատարկել զայն»:

Անդրադառնալով արտակարգ ընտրութիւններու պահանջքին` Գալուստ Սահակեան նշեց, որ իշխանութիւնը Քոնկրեսին հետ կ՛ուզէ քննարկել այդ հարցը, բայց ատիկա անիմաստ քննարկում պիտի ըլլայ:

Սահակեան նաեւ նշեց, որ ընդդիմութիւնը չունի հաւատարիմ մարդոց անհրաժեշտ կազմը` արտակարգ ընտրութեան պարագային ընտրատեղամասերուն մէջ վերահսկողութիւն իրականացնելու համար` աւելցնելով, որ արտակարգ ընտրութիւններու կայացման պարագային շահեկան դիրքերու վրայ պիտի գտնուի Հանրապետական կուսակցութիւնը, քանի որ իր տեղերը պիտի պահէ խորհրդարանին մէջ, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսը իր հանրահաւաքներուն պիտի վերադառնայ:

Share this Article
CATEGORIES