ԻՐԵՆՑ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԵԼՈՎ` ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԲԱՆՏԱԽՑԻԿԸ ԿՐԱԿԻ ՏՈՒԻՆ` ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ԴԱՆԱԿՈԾԵԼԷ ԵՏՔ
Հակասական բացատրութիւններ տրուեցան երէկ անցեալ շաբաթավերջին Ռումիէի կեդրոնական բանտին մէջ չորս բանտարկեալներու վիրաւորման գծով: Անոնցմէ մէկը մահացաւ անորոշ պայմաններու մէջ: Արդարեւ, իբրեւ բողոք իրենց կեցութեան պայմաններուն դէմ, չորս բանտարկեալներ իրենք զիրենք դանակոծեցին, ապա կրակի տալով իրենց բանտախցիկը հիւանդանոց փոխադրուեցան: Բանտարկեալներէն մէկը` Մոհամետ Ալի Զաայթեր, մեռած հասաւ հիւանդանոց: Բանտի պատկան մարմիններուն համաձայն, բանտարկեալը մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ գործածած էր, ինչ որ պատճառ դարձած էր անոր մահուան: Մինչ Զաայթերի ընտանեկան պարագաները բանտախցիկի զինուորական պատասխանատուին վերագրեցին դէպքը` դիտել տալով, որ ան անձամբ հրաման տուած է մեռած բանտարկեալի ընկերներուն` թելադրելով, որ կրակի տան խցիկը եւ դուռը փակեն վրան:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին բաց հացադուլ յայտարարած 187 բանտարկեալներ յետս կոչեցին իրենց որոշումը` սպասելով խորհրդարանի չորեքշաբթի օրուան նիստին արդիւնքին: Մինչ Ռումիէ բանտին «Տէ» եւ «Պէ» բաժիններու բանտարկեալներ կը շարունակեն հացադուլը:
Իսկ համաներումի մերժումին գծով բանտարկեալներու ընտանեկան պարագաներ երէկ երեկոյեան բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Պէյրութի Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ:
Իր կարգին Լիբանանի մօտ Բանտերու համաշխարհային Լիկայի նախագահ եւ խորհրդատու հայր Մարուան Ղանեմ կոչ ուղղեց բանտարկեալներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն հրաժարելու իրենց բողոքի ելոյթներէն, որովհետեւ միայն երկխօսութեան ճամբով կարելի է իրականացնել պահանջները: