«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏԱՆԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ՛Ն»

Վերոյիշեալ խորագիրը կը կրէ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրատարակած նոր գիրքը` անգլերէնով` («Թէյքինկ տը չըրչ թու տը փիփըլ»:

Արդարեւ, շուրջ 225 էջերու վրայ տարածուած այս հրատարակութեան նախաձեռնած է վեհափառը` նկատի ունենալով յառաջիկայ հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին եւ ապա յառաջիկայ տարի Արեւելեան թեմին տալիք հովուապետական իր այցելութիւնները: Յիշեալ գիրքին առաջին բաժինին մէջ քննարկուած են հայ եկեղեցւոյ ներքին դրուածքին, ծուխ-առաջնորդարան յարաբերութեան, ծխային եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան, եկեղեցի-ժողովուրդ փոխյարաբերութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ ընտանիքի, կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութեան, հայ լեզուի, հայ դպրոցի, կնոջ դերակատարութեան, երիտասարդութեան կարեւորութեան առնչուած խնդիրներ ու մտահոգութիւններ: Իսկ երրորդ բաժինը կը բաղկանայ երիտասարդութեան ուղղուած մտածումներէ:

Ինչպէս գիրքի ներածական բաժինին մէջ վեհափառը կ՛ըսէ. «Անհրաժեշտ է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է, մանաւանդ հայ եկեղեցին, իր ազգային նկարագիրով ու իր հաւատքի առաքելութեան առընթեր իր ազգային ծառայութեամբ»: Վեհափառին համաձայն, «եկեղեցւոյ դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները նաե՛ւ կը պատկանին ժողովուրդին, եւ փոխադարձաբար»: Յիշեալ գիրքին մէջ մեր եկեղեցիին ու ազգին դիմագրաւած լուրջ հարցերուն գծով իր յստակ դիրքորոշումը պարզելու կողքին, վեհափառը նաեւ կը հրաւիրէ հայ ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու այդ հարցերու քննարկման` նկատի ունենալով սփիւռքի ու յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ապրող հայորդիներու կեանքի պայմանները:

Share this Article
CATEGORIES