ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍՈՎ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց իր 22 մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վաղը` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին:
Մինասեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներուն կարգին էր նաեւ նորեկ ֆութպոլիստ Արթուր Սարգիսով (Եարոսլաւ Շինիք), որ հայրենի հաւաքականի համակիրներուն կողմէ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Անոնք մեծ պաստառի մը վրայ գրած էին. «Արթո՛ւր, բարի գալուստ ընտանիք»:
Նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին հաւաքականին մաս կազմող ֆութպոլիստները իրենց ակումբներուն հետ ախոյեանութեան գծով մրցումներ կատարեցին, առաջին փորձերը տեղի ունեցան շատ քիչ, մինչ մրցումներ չկատարողները քիչ մը աւելի ծանրաբեռնուած էին:
Նշենք, որ այսօր տեղի ունենալիք վերջին փորձերէն ետք (առանց համակիրներու ներկայութեան), հայկական պատուիրակութիւնը կը մեկնի Լիթուանիա: