ԸՍՏ «ԻԼ ՏԵՄՈՔՐԱԹԻՔՕ»Ի ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՈՏՆԱՀԱՐԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ

Իտալական համացանցային «Իլ Տեմոքրաթիքօ» օրաթերթը հրապարակած է լրագրող Արմանտօ Փասքալէի Արցախի նուիրուած «Չկազմուած պետութեան մը պատմութիւն. իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ անդրադառնալով Քոսովոյի անկախութեան ինքնահռչակման եւ Հարաւային Սուտանի համաժողովրդային հանրաքուէով վաւերացուած անկախութեան` լրագրողը կը հաստատէ միջազգային հանրութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:

Հրապարակումին մէջ կը նշուի, որ Ղարաբաղը նախաքրիստոնէական ժամանակներէն ի վեր բնակուած է հայերով, հետեւաբար` եղած է Հայաստանի անբաժան մասը: Պաքուն վարած է պատմականօրէն հայկական տարածքները բռնի ազրպէյճանականացնելու քաղաքականութիւն, գիտակցաբար թուլացուցած է հայկական գիւղերու տնտեսութիւնը, խրախուսած է շրջանէն բնակիչներու արտագաղթը եւ հայերու դէմ բռնութիւններ կատարած:

Իտալացի լրագրողը կ՛ընդգծէ, որ Ղարաբաղը, հակառակ ճանչցուած չըլլալուն, ներկայիս ունի ինքնիշխան պետութեան բոլոր յատկանիշները` խորհրդարան, սեփական կառավարութիւն եւ դիւանակալութիւն, եւ Ազրպէյճանին անոր վերամիաւորումը պիտի ոտնահարէ ինքնիշխանութեան ճշմարտութեան վերաբերող միջազգային իրաւունքի սկզբունքները:

 

Share this Article
CATEGORIES