ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի Կազդուրման կայանի ծրագիրին կը մասնակցին 55 պատանիներ:

Հսկողութեամբ մասնագիտացած անձնակազմի մը, ընկերային յանձնախումբին եւ ներկայացուցիչ ընկերուհիին, անոնք կը ստանան առողջապահական եւ սննդական խնամք, անոնց կը ներկայացուին առողջապահական, կարգապահական, դաստիարակչական գիտելիքներ եւ օրէնքներ:

Պատանիները առիթը ունեցան նաեւ այցելելու գործարաններ, ծանօթացան կարգ մը ուտելիքներու պատրաստութեան ձեւերուն, հաճելի ժամեր անցուցին լողաւազանին մէջ, արշաւներ կազմակերպեցին, այցելեցին Այնճարի ակը, բերդը, ունէին «Մարզական խաղերու օր» նիւթով ձիրքերու յայտնաբերման յայտագիրներ, հայերէն երգերու քարաօքէ ծրագիր, չմոռնանք նաեւ ձեռային աշխատանքը, ժապաւէններու ցուցադրութեան եւ բացատրութեան պահերը:

Եւ վերջապէս անոնք նաեւ կը պատրաստուին եզրափակիչ հանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 21 օգոստոսին, Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանին մէջ:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES