ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՏԱԳՆԱՊԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ԲԽԻ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՇԱՀԵՐԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Մետվետեւ կը դիմաւորէ Ալիեւը

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւ եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ Սոչիի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն գլխաւոր նիւթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթն էր:

Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին Մետվետեւ` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, ընդգծած է. «Շրջանային խնդիրներու լուծումը մեզի համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ մենք մօտ երկիրներ ենք, դրացիներ, մտերիմ ընկերներ եւ գործընկերներ: Ըստ էութեան, ամբողջ շրջանի, մեր երկիրներուն, մեր ժողովուրդներուն ինքնազգացումը կախեալ է այն բանէն, թէ շրջանին մէջ իրավիճակը ինչպէ՛ս կը զարգանայ»:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ թափուած ջանքերուն համար եւ ըսած. «Մենք Ազրպէյճանի մէջ շատ բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական ներգրաւումը հոլովոյթին մէջ: Եւ եռակողմ ձեւաչափով կատարուած հանդիպումները, բնականաբար, կողմերու դիրքորոշումները շատ մօտեցուցած են»:

Ալիեւ նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապը շրջանային անվտանգութեան տեսանկիւնէն լուրջ խնդիր կը ներկայացնէ:

«Ազրպէյճան ամէնէն շատ շահագրգռուած է այդ խնդիրի շուտափոյթ լուծումով, որպէսզի բոլոր տեղափոխուած անձերը վերադառնան իրենց բնակավայրերը, որպէսզի շրջանին մէջ խաղաղութիւն, հանգստութիւն եւ համագործակցութիւն հաստատուի», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւ ընդգծած է նաեւ, որ այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ կ՛ընթանայ խնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթը, կ՛արտացոլեն միջազգային իրաւունքի արժեչափերը: «Այդ պատճառով տագնապի շուտափոյթ լուծումը կը բխի բոլոր կողմերուն շահերէն», ըսած է Ալիեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES