ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
Արաբական աշխարհը յուզող յատկապէս Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ այս գծով շրջանային կեցուածքները առանցքը կազմեցին երէկ լոյս տեսած արաբական թէ տեղական թերթերու բովանդակութեանց:
Ոսկիի օնսին գինին մագլցումը, Իսրայէլի մէջ աննախընթաց ցոյցերը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի Սուրիա այցելութիւնը առաջնակարգ տեղ գտան լրատուական թէ մեկնաբանական գրութեանց մէջ:
Տեղական եւ յատկապէս հայկական առումով, «Արմենիա» առագաստանաւուն Լիբանան ժամանումը, ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան զօր. Աունին կատարած այցելութիւնը եւ նախկին նախարար Ալեն Թապուրեանի յայտարարութիւնը նոյնպէս հիմնական տեղ գտած էին թերթերուն մէջ:
Իսկ ուսումնասիրական, մեկնաբանական թէ վերլուծական իմաստով հետեւեալ գրութիւնները ուշագրաւ էին.
«ՆԱՀԱՐ»
Թերթի աշխատակիցներէն Ալի Պարատա շահեկան հարցազրոյց մը ունեցած է ՄԱԿ-ի մօտ բրիտանացի մնայուն պատուիրակ սըր Մարք Լայել Կրանթի հետ, որուն կարծիքով` Լիբանան, Թուրքիա եւ Իսրայէլ ամէնէն խիստ ձեւով ենթակայ են ազդուելու Սուրիոյ կացութեան վատթարացումէն:
– «Խանդավառները շատ են, բայց կորսնցնողը մէկ է», կը գրէ լրագրող Ամին Ամմուրիէ` Սուրիոյ դէպքերուն կապակցութեամբ:
– Արդեօք Իսլամական Իրանը հանգիստ չէ՞», հարց կու տայ վերլուծաբան Սարգիս Նաում:
«ՊԱԼԱՏ»
Այս օրաթերթի արաբերէն տարբերակը յօդուածով մը կը վերլուծէ Թուրքիոյ վարքագիծը` արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Դամասկոս այցելութեան լոյսին տակ:
– Իսկ ֆրանսերէն տարբերակով` ելեկտրոնային «Թուիթըր» համակարգով կոչ կ՛ուղղէ ընթերցողներուն մասնակցելու «Թուրքիոյ շրջանային դերակատարութեան» շուրջ բանավէճին:
«ՏԻԱՐ»
«Սուրիական օսմանեան նահանգ մը կարծելով` գաղութարարի ոճով կը խօսի Թուրքիա», կը գրէ Ժիհատ Նաֆեհ իր մեկնաբանական յօդուածին մէջ:
Սուրիական վարչակարգին թէ ընդդիմադիրներուն կողքին կողմնորոշուելու միջեւ տարուբերող նշեալ յօդուածները լայնօրէն կ՛անդրադառնան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին ուղղած կոչին` վերջ տալու արիւնահեղութեանց եւ բարեկարգումներ կատարելու գծով:
Միւս կողմէ, «Տիար» հակիրճ ակնարկով մը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիա կը մտադրէ 1900-ական թուականներուն հաստատուած երկաթուղային «Հիճազ»ի գիծը մօտերս վերաշինել եւ գործի լծել` վերանորոգման աշխատանքներու ամբողջացումէն չորս տարի ետք: Պոլիսէն ճամբայ ելլող եւ Ատանայէն, ապա Հալէպէն, Համայէն, Տարաայէն անցնող եւ Յորդանանի վրայով Մեքքա հասնելու կոչուող այս երկաթուղին կը նախատեսուի, որ տարեկան երկու միլիոն ճամբորդ փոխադրէ:
«ՍԱՖԻՐ»
– «Թրքական դասը, զոր չկրցանք ընկալել», կը գրէ Ֆահմի Հուէյտի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
– Լրագրող-վերլուծաբան Ասաատ Հայտար կը գրէ. «Արաբեւթրքական «Աքցան»ի ամբողջացումը»: