ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆԸ

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Քոչարեան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ Պէյթէտտինի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման եւ ընդլայնման, Լիբանանի ներքին քաղաքական, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներուն առնչուող խնդիրները: Շեշտուեցաւ երկու բարեկամ երկիրներու ժողովուրդներու բարեացակամ յատուկ վերաբերմունքը եւ յարգանքը իրարու նկատմամբ: Կարեւոր նկատուեցաւ սերտ համագործակցութեան խորացումը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ: Երկու կողմերը յայտնեցին, որ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները նոր թափ պիտի հաղորդեն երկու բարեկամ երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան խորացման առումով: Այդ ծիրին մէջ քննարկուեցան որոշ մանրամասնութիւններ 2012-ին նախագահ Սլէյմանի` Հայաստանի այցելութեան կարելիութիւններուն առնչութեամբ:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց լիբանանահայ համայնքին դերակատարութիւնը երկրին քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Հանրապետութեան նախագահին խնդրանքով, դեսպան Քոչարեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին եւ շրջանային այլ հարցերու:

 

Share this Article
CATEGORIES