ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը երէկ դատապարտեց իր գործիչներուն հետ տեղի ունեցածը` զայն որակելով սադրանք եւ դիտարկելով իբրեւ «իշխանութիւններուն արձագանգը երկխօսութեան ծիրին մէջ սկսած արտակարգ ընտրութիւններու մասին բովանդակային քննարկման»:
Քոնկրեսին տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ քոնկրեսի ներկայացուցած ծաւալուն փաստաթուղթը անյարմար վիճակի մէջ դրած է վարչախումբը եւ այսպիսի քայլերով փորձ կը կատարուի վիժեցնել բովանդակային այս քննարկումը: Նշուած է նաեւ, որ ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ չունենալով փաստարկներ` արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցով օրինական իշխանութեան ձեւաւորման` Հայ ազգային քոնկրեսի հիմնաւորումներուն վերաբերեալ, վարչաձեւը կը դիմէ քոնկրեսին դէմ պայքարին մէջ իրեն համար սովորական դարձած բիրտ ուժի կիրարկման: Ըստ քոնկրեսին, բացառուած չէ նաեւ, որ օգտուելով Սերժ Սարգսեանի երկրէն բացակայելու հանգամանքէն, ասով որոշ ուժեր կը փորձեն վիժեցնել Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան միջեւ սկսած երկխօսութիւնը:
Հայ ազգային քոնկրեսը կը պահանջէ «անյապաղ ազատ արձակել բոլոր երիտասարդները եւ օրէնքով սահմանուած կարգով պատժել բոլոր այն ոստիկանները, որոնք բռնութիւն կիրարկած են անոնց եւ փաստաբաններուն նկատմամբ»:
Յայտնենք, որ նախանցեալ գիշեր ձերբակալուած են Հայ ազգային քոնկրեսի երիտասարդական թեւի 7 ներկայացուցիչներ: Անոնց նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է խուլիկանութեան եւ իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու կասկածով:
Քոնկրեսը իր յայտարարութեան մէջ կը պնդէ, որ նախանցեալ օրուան միջադէպին ժամանակ, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր երիտասարդները բերման ենթարկելէն ետք, իրաւապահները բազմաթիւ ապօրինութիւններ գործած են:

