ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՏԱՍՆԵԱԿ մը երիտասարդներ նախանցեալ գիշեր ցոյց մը կազմակերպած են Ռաշայայի մէջ` առ ի բողոք Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ: Անոնք կոչերով բողոքած են նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ վարչակարգի դաշնակիցներուն դէմ:
ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ծնողներ երէկ առաւօտ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ ցոյց մը կազմակերպեցին` բողոքելով բանտարկութեան տարին ինը ամիսով փոխարինելու օրինագիծի մերժումին դէմ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս երէկ «աւետեց», թէ այսուհետեւ հիւանդանոցները պիտի ընդունին բոլոր ապահովագրեալ (ներառեալ` ընտրովի ապահովագրեալ) հիւանդները:
CATEGORIES Լիբանանեան