ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԵԼՔ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՅ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ
Պաքուի մէջ ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը կանխարգիլած է Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան խումբ մը գործիչներու` տեղական իշխանութիւններուն կողմէ չարտօնուած հանրահաւաք կատարելու փորձը:
Պաքուի Շատրուաններու հրապարակին մօտեցած 100 անձերուն շուրջ կէսը ձերբակալուած է: Սակայն կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը շարունակեն հանրահաւաք կատարելու փորձերը: Անոնք բացագանչած են «Ազատութիւն» եւ «Հրաժարական» կարգախօսերը:
«Մուսաւաթ» կուսակցութիւնը կը պատրաստուէր հանրահաւաք կատարելու` երկրի օրէնսդիր մարմինին լուծարման, նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու, երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրագործման, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման եւ փտածութեան դէմ պայքարի ուժեղացման պահանջներով:
Ուրբաթ օր Պաքուի քաղաքապետարանը մերժած էր «Մուսաւաթ»ի Պաքուի կեդրոնին մէջ հանրահաւաք կատարելը արտօնել` փոխարէնը առաջարկելով ցոյցը կատարել Պիպի Էյրաթ շրջանի մարզադաշտին մէջ, որմէ ետք կուսակցութիւնը որոշած էր հանրահաւաքը կատարել Պաքուի կեդրոնի` Շատրուաններու հրապարակին վրայ:
Նշենք, որ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի մէջ խումբ մը երիտասարդներ ձերբակալուած են բողոքի ցոյցերու մասնակցելնուն համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ վերջին օրերուն ընթացքին 16 ազրպէյճանցիներ ձերբակալուած են, իսկ Պաքուի կեդրոն ապահովական ուժերու լրացուցիչ ուժեր տեղակայուած են` «կարգ ու կանոնը պահպանելու համար»: