ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒ. ՍԵՐԿԷՅ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ` ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Սերկէյ Միքայէլեան

Հայաստանի դահուկարշաւի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Սերկէյ Միքայէլեան մեծ իրագործում մը կատարեց, երբ նորվեկիական Աուր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող FIS աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրելով 35 վայրկեան եւ 18 երկվայրկեան արդիւնք մը (17 քմ ազատ ոճի վերելքի մրցումներուն), հանդիսացաւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան:

Այս մրցումին մասնակցեցան 9 զօրաւոր երկիրներու 25 մարզիկներ:

Այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 13 օգոստոսին:

Նշենք, որ Հայաստանի դահուկարշաւի պատմութեան մէջ ցարդ ոչ մէկ մարզիկ նման յաջողութեան հասած էր:

Share this Article
CATEGORIES