ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ` ՈՒԵՍԹ ՊՐՈՄՈՒԻՉ ԱԼՊԻԸՆԻ ԴԷՄ
Ինչպէս ծանօթ է, վաղը` շաբաթ, 13 օգոստոսին, ազդանշանը կը տրուի Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ» 2011-2012 տարեշրջանին, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ նախորդ կիրակի օր, տարեշրջանի բացման մրցումին «Քոմիւնիթի Շիլտ»ի վահանին տիրացաւ, իր առաջին մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի:
Բնականաբար, առաջին իսկ մրցումէն Մանչեսթըրի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն պիտի փորձէ ապահովել առաջին յաղթանակը` տարեշրջանի աւարտին 20-րդ անգամ ըլլալով ակումբին ապահովելու համար ախոյեանութեան տիտղոսը:
Չելսիի փորթուգալցի նոր մարզիչ Անտրէ Վիլաս – Պոաս Անգլիոյ մէջ իր նոր ասպարէզին պիտի սկսի այցելելով Սթոք Սիթիի դաշտը:
Արսենալ պիտի մեկնի հիւսիս, ուր հիւրը պիտի ըլլայ Նիւքեսըլի:
Այլ գետնի վրայ, մարզիչ Քենի Տալկլիշի կազմը` Լիվըրփուլ, «Էնֆիլտ»ի մէջ պիտի հիւրընկալէ Սանտըրլենտը:
Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ կազմը` Սիթի, իր մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ երկուշաբթի, նոր բարձրագոյն դասակարգ բարձրացած Սուանզի Սիթիի դէմ:
Լոնտոնեան երեք կազմեր` Թոթենհամ, Ֆուլհեմ եւ նոր «Փրեմիեր լիկ» բարձրացած Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ արդեօք պիտի կարենա՞ն յաջորդաբար հիւրընկալել Էվըրթընը, Ասթոն Վիլան եւ Պոլթընը, թէ՞ անոնց մրցումները պիտի յետաձգուին` Անգլիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող խռովութիւններուն պատճառով:
Վերջապէս, «Փրեմիեր լիկ» բարձրացած երրորդ խումբը` Նորուիչ Սիթի, հիւրը պիտի ըլլայ Ուիկըն Աթլեթիքի:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան, բացի Թոթենհամ-Էվըրթըն մրցումէն, որ յետաձգուած է անապահով կացութեան պատճառով: