ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄԷՋ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆ ՁԵՌՔ ԿԸ ՁԳԵՆ

Քազզաֆիին հաւատարիմ ուժեր կը տօնեն իրենց յաջողութիւնները

Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը երէկ արեւելեան Լիպիոյ մէջ քարիւղի արտադրման Պրիքա քաղաքը ռմբակոծեցին հրետանիով եւ ռմբաձիգներով: Անոնք կը թուին այլ ռազմավարական քաղաք մը գրաւելու շեմին գտնուիլ:

Ըմբոստները յայտնեցին, որ քաղաքը բուռն կերպով կը ռմբակոծուի, իսկ լիպիական պետական պատկերասփիւռի կայանը եւ զինուորական բանբեր մը նշեցին, որ Քազզաֆիի ուժերը վերատիրացած են քաղաքին, մինչ նահանջելու հրաման ստացած ըմբոստ մը յայտնեց, որ զինակիցներէ լսած է, թէ քաղաքը կորսնցուցած են:

Պրիքայի կորուստը ըմբոստ ուժերու շարք մը ձախորդութեանց նորագոյն արարն է: Անոնք մէկ շաբաթ առաջ դէպի արեւմուտք յառաջանալով Թրիփոլիի ուղղութեամբ կ՛արշաւէին: Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը շրջած են անոնց արձանագրած սկզբնական յաջողութիւնները:

Քազզաֆիի ուժերը ճակատը փոխադրեցին ըմբոստներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն եւ Պրիքայէն 40 քիլոմեթր դէպի արեւելք:

Քազզաֆիի ուժերը երէկ յառաջացան նաեւ դէպի մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 200 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող եւ երկրին երրորդ մեծագոյն քաղաքը` Միսրաթա, որ ռմբակոծման ենթարկուեցաւ:

Մինչ Քազզաֆի զինուորական գետնի վրայ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ, ան միջազգային գետնի վրայ հետզհետէ աւելի մեկուսացած կը թուի ըլլալ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ ձեռնարկեց դէպի Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք շրջապտոյտի մը, որուն ընթացքին կապ պիտի հաստատէ լիպիացի ըմբոստներուն հետ: Ան մտադիր է այսօր Փարիզի մէջ Քազզաֆիի հակառակորդներուն հետ հանդիպում ունենալ եւ անոնց կարողութիւններուն ու նպատակներուն ծանօթանալ:

Արաբական լիկան շաբաթ օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատելու: Խիստ ոճի հաղորդագրութեան մը մէջ 22 անդամներէ բաղկացած լիկան յայտնեց, որ լիպիական կառավարութիւնը «կորսնցուցած է իր գերիշխանութիւնը», եւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելով սահմանափակումներ հաստատելու: Ըմբոստները իրենց կարգին կոչ ուղղեցին թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատելու:

Share this Article
CATEGORIES