«ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ Է» ՅԱՅՏՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց տեղական ու շրջանային, յատկապէս սուրիական վերջին անցուդարձերը:
Այս առիթով Ուիլիըմզ ըսաւ, որ «մեր յոյսը դրած ենք Սուրիոյ մէջ նախատեսուող բարեկարգումներուն վրայ` սպասելով անոնց կիրարկման»:
CATEGORIES Լիբանանեան


