ԱՂՋԿԱՆՑ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՓՐԻՆՑ ԼՔԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

Պիրժիթ Փրինց

Գերմանացի Պիրժիթ Փրինց, որ աղջկանց ֆութպոլի պատմութեան մէջ կը նկատուի ամէնէն շատ յաջողութիւն արձանագրած ֆութպոլիստը, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

33 տարեկան Փրինց, որ 2003-ին եւ 2007-ին Գերմանիոյ հետ հանդիսացաւ Մոնտիալի մրցաշարքի ախոյեան, երեք անգամ (2003-էն սկսեալ) ընտրուած է աշխարհի լաւագոյն մարզիկը:

1994-ին առաջին անգամ միջազգային ասպարէզ մուտք գործած Փրինց Գերմանիոյ հետ 214 մրցումի ընթացքին նշանակած է 128 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES