ԸՍՏ ՌԻՔԱՐՏՈՆԷԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՄԱՍԸ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԳՈՐԾԷԻՆ ՄԻՆՉԵՒ 1915, ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԳՈՐԾԵԼ ԻԲՐԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ

Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզի գրաւոր այն հարցումին, թէ «մինչեւ 1915 ներկայ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գործած երկու հազարէն աւելի քրիստոնէական եկեղեցիներէն քանի՞ն այսօր իբրեւ եկեղեցիներ կը գործեն», պատասխանած է` անոնց մեծ մասը:

«Քրիստոնէական եկեղեցիներու, մեծ մասը, որոնք կը գործէին մինչեւ 1915, այսօր կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցիներ: Որոշ եկեղեցիներ իբրեւ թանգարաններ կը գործեն, մնացեալը խարխլուած են կամ մզկիթներու վերածուած` չօգտագործուելնուն պատճառով», ըսած է դեսպանը:

«Դեսպան Ռիքարտոնէի կեղծ հիմնաւորումը օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցիներու զանգուածային ոչնչացման եւ մինչեւ 1915-ի բնաջնջումը այդ սրբավայրերը այցելած միլիոնաւոր քրիստոնեայ հաւատացեալներու ճակատագիրի կոպիտ անտեսում կը նշանակէ», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեան` աւելցնելով, որ դեսպան Ռիքարտոնէի պատասխանը ցոյց կու տայ, որ ան Անգարայի մէջ ի վիճակի չէ արդիւնաւէտ կերպով ներկայացնելու ամերիկեան արժէքները:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ այժմու Թուրքիոյ տարածքին մէջ 1915-ին գործած երկու հազարէն աւելի հայկական եկեղեցիներէն այսօր նուազ քան 50-ը կը գործեն:

Share this Article
CATEGORIES