«ԵԹԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԸԼԼԱՅ, ՄԵՆՔ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԶՕՐ.ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Զօր. Մովսէս Յակոբեան

Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 20-ամեակին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մովսէս Յակոբեան յայտարարեց, որ «եթէ պատերազմ ըլլայ, մենք դարձեալ պիտի յաղթենք»:

Պատասխանելով պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման կարելիութեան վերաբերող հարցումի մը` Յակոբեան, նշեց, որ իբրեւ պաշտպանութեան նախարար ամէն վայրկեան կը սպասէ պատերազմի վերսկսման:

Պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ բանակցային հոլովոյթը կարեւոր է, բայց ատիկա ուղղուած չէ պատերազմը կանխելու կամ չկանխելու, հակառակ անոր որ լաւ կ՛ըլլար, եթէ քաղաքական մարզին մէջ բանակցութիւնները նուազեցնէին պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը: Նախարարը չբացառեց նաեւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը:

Ըստ անոր, 1994-էն մինչեւ այսօր կը շարունակուի դիրքային պատերազմը. հակառակորդը առաջին գիծին վրայ կը կատարէ զինուորական գործողութիւններ, ի հարկէ ոչ աշխուժ` առանց զօրքերու տեղաշարժման: Անոնք հիմնականին մէջ ուղղուած են Արցախի զինեալ ուժերուն կորուստներ պատճառելու եւ զինուորներուն վրայ ճնշում գործադրելու:

Զօր. Մովսէս Յակոբեան նշեց, որ Ազրպէյճան չի հաշտուիր այս իրավիճակին հետ եւ անընդհատ կը փորձէ տարբեր հանդիպումներու նախաշեմին իրավիճակը սրել առաջին գիծին վրայ: Ան տեղեկացուց, որ այս տարի հակառակորդը զինադադարի դրութիւնը խախտած է 6566 անգամ, անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին 2595-ին դիմաց: Ըստ նախարարին, հակառակորդը պիտի փորձէ առաջին գիծին վրայ իրավիճակը լարուած պահել, ինչ որ կ՛ենթադրէ շարունակել համապատասխան գործողութիւնները: «Ինչպէս բոլոր տարիներուն, այս տարի ալ մենք պարտադրողի դերին մէջ կը գտնուինք», յայտարարեց Մ. Յակոբեան:

Share this Article
CATEGORIES