ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ

Դեսպան Ապատի եւ վարչապետ Միքաթի

Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ցարդ կնքուած տնտեսական 26 համաձայնագիրները առանցքը կազմեցին երէկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց:

Այս առիթով Իրանի դեսպանը յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ լիբանանեան-իրանեան տնտեսական միացեալ խորհուրդի կազմութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

 

Share this Article
CATEGORIES