ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ներքին գործոց նախարար զօր. Մարուան Շարպելին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան թատերաբեմը յուզող հարցերը:

Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտը դրաւ ներքին ապահովութիւնը անխախտ պահելու հրամայականին եւ այս իմաստով նախարարութեան ենթակայ կառոյցներուն գործօն եւ արդիւնաւէտ դերակատարութիւն տալու անհրաժեշտութեան վրայ:

Երեսփոխանը անհրաժեշտ գտաւ նաեւ, որ պէտք է աչալուրջ ըլլալ ներքին գործոց նախարարութեան զանազան սպասարկութեանց մէջ քաղաքացիներուն հետ կապուած հարցերն ու խնդիրները առանց ձգձգումներու լուծելու նպատակով:

Բագրատունի ներքին գործոց նախարարէն պահանջեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը յաւելեալ զգօնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարեն իրենց հսկողութիւնը, յատկապէս Մեթնի շրջանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES