ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՊԱՆՔ ՕԹՈՄԱՆԻ 115-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՍՊԵՏՆԵՐԸ (14 ՕԳՈՍՏՈՍ, 1896)

«Եթէ մի օր, մի ժամանակ վիճակուի մեր թշուառ հայ ժողովուրդին, իր այս գոյութեան մէջ մեռնել, անհետանալ երկրագնդիս երեսէն առանց մշեցի Միսաքին այս վերջին ժպիտին… հազա˜ր ափսոս պիտի ըսեմ անոր թափած արեանը»:

ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ
(«Ապրուած օրեր»)

Ժամանակները չեն, որ պիտի հաստատագրեն պատմադրոշմ արարքներու վեհութիւնը, այլ` այդ սրբազան սխրանքներուն ետին կանգնող եւ իրագործումին շունչ տուող անհատներու ոգեկան բարձրութիւնը:

Հայորդիներ էին անոնք, որոնք դարձան ազատամարտիկներ, ֆետայիներ եւ յեղափոխական քարոզիչներ` ծաւալելով բուռն պայքար թշնամի հորդաներու դէմ:

Վճռակամութեամբ, յորդառատ զգացումներով եւ ծառայասիրութեամբ յագեցած երիտասարդներ էին անոնք, որոնք կլանուած էին ազատասիրութեան, իրաւունքի պաշտպանութեան, անկոտրում կամքի, ազգային արժանապատուութեան եւ հայրենասիրութեան բոցավառ կանթեղով:

Ուրիշներէ կը տարբերէին իրենց հոգեկան, նկարագրային, իմացական եւ մարդկային բարեմասնութիւններու այնպիսի շաղախով մը, որ էապէս ազգային առանձնայատկութիւններու ակունքէն կը ցայտէր:

Յեղափոխական շարժումին իրենց մասնակցութիւնը պատահական չէր, երբե՛ք: Անոնք տեսած ու ապրած էին իրենց հայրենիքին վիճակուած դառնութիւններն ու դաժան վերաբերումները: Գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ շօշափած` իրենց ազգակիցներուն տառապանքն ու ողբերգութիւնները:

Եւ, ի տես իրենց ժողովուրդի դարաւոր ստրկութեան, ոխերիմ թշնամիին անմարդկային սպանդներուն, մարդկութեան ցուցաբերած անտարբեր, պիղծ ու շատ անգամ շահամոլ կեցուածքներուն, որոշում տալու ճակատագրուած իրողութեան դէմ յանդիման, արի, յանդուգն եւ գաղափարական վեհանձնութեամբ լիացած, անոնք կը նետուէին պատմակերտ ճակատամարտերու թէ յեղափոխական արարքներու քուրային մէջ:

Ու կը պայթէր Պանք Օթոմանի յաղթադրոշմ ուժանակը` ահ ու սարսափի մատնելով օսմանեան կայսրութիւնն ու ատենի եւրոպական երկիրներու շահերը:

Իրօք, հայոց պատմութեան ամէնէն քստմնելի ժամանակները ընդգրկող 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբը, արդէն յստակ կը դառնային գազանաբարոյ թուրքին մտադրութիւնները` հայաջինջ իր քաղաքականութեամբ:

Փաստօրէն, քաղաքական որձեւէգ պատճառաբանութիւններու եւ ցեղապաշտ մոլուցքին իբրեւ հետեւանք` համիտեան ջարդերը արդէն իսկ ազդանշան էին հայոց զանգուածային կոտորածներուն:

Միւս կողմէ, ներազգային կեանքին մէջ առկայ էին այնպիսի ապազգային եւ  ապաշնորհ մօտեցումներ եւ մտայնութիւններ` ամիրայական թէ վաշխառու դասակարգի կենսակերպով յղփացած, որ, իրենց կարգին պատուհաս կը դառնային յեղափոխական տրամադրութիւններու ուռճացումին եւ ազգավայել կեանքի մը հունաւորումին:

Առօրեայ եւ սովորական երեւոյթներ էին դաւաճանութիւնն ու մատնութիւնները: Հայ ժողովուրդի ստուար մասը Արեւմտեան Հայաստանի թէ Կիլիկիոյ շրջաններուն մէջ ոչ միայն ենթակայ էր թուրքի ցեղային մաքրագործումներուն, այլ նաեւ` ներքին ցեցերու կողմէ սանձազերծուած ամօթալի վերաբերումներու:

Ճիշդ է, որ հայկական յեղափոխութիւնը կ՛ապրէր իր ծնունդի երկունքը, այդուհանդերձ, վատահամբաւ եւ տզրուկ հայերու հանդէպ հայ յեղափոխականներու քաջասիրտ կեցուածքներն ու համապատասխան տնօրինումները պատիւ կը բերէին ամբողջ ազգին:

Այո՛, հայ ժողովուրդի տանջահար կեանքի արգանդէն ծնունդ առած յեղափոխական ասպետներու դարաշրջաններ էին, զոհողութիւններու  ամէնէն նուիրական ժամանակները:

Արդ, ինչո՛ւ պատմական տուեալ շրջանի մը հպանցիկ ընդգծումը: Յայտնապէս ըսելու, թէ Պանք Օթոմանի քաջագործութիւնը սոսկական իր դիպաշարային հասկացողութեամբ չէ, որ պէտք է արժեւորել, այլ ի մտի ունենալ տուեալ ժամանակի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէն մանրամասնութիւն:

Որովհետեւ, նորակազմ ՀՅ Դաշնակցութեան համար ալ յստակ դարձած էին կարգ մը իրողութիւններ, որոնց կարգին ամէնէն էականը այն էր, որ ազատագրական պայքարի յորձանուտը հարկ է բորբոքեցնել, ազատ ապրելու եւ պատուով մեռնելու հաւատոյ հանգանակը երիտասարդ փաղանգներու սեփականութիւնը դարձնել, ժողովուրդի ամէնէն համեստ շերտերուն մէջ անգամ թափանցել եւ պայքարի հունտը սերմանել, դաստիարակել, քարոզել, յեղափոխական տրամադրութիւններու հրայրքը հոգիներուն մէջ աշտարակել, այլապէս հայրենիքի վերատիրացման երազանքը վերապրեցնել:

Եւ այս գիտակցական տրամադրուածութեան մէջ հայ ժողովուրդը իր ծոցէն ծնունդ կու տար երիտասարդ նուիրեալներու փաղանգի մը, ազգին զոհաբերուելու պատրաստ սերունդի մը, որոնք թէեւ տարբեր տարիքի, նախասիրութիւններու եւ ժողովրդային շերտերու կը պատկանէին, այդուհանդերձ, Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցին մէջ թրծուած կը նետուէին մարտադաշտեր, յանուն հայ ազգի իրաւունքներու ձեռքբերումին:

Իսկ այդ նուիրեալներու շարքին էին իւրայատուկ կազմաւորումով երիտասարդներ, որոնք հակառակ իրենց փոքր տարիքին, լիարժէքօրէն  ամրապնդուած էին դաշնակցական արժանիքներով ու ազգային պահանջատիրական խմորումներով:

Անոնց շարքին էր քսաներեքամեայ Բաբգէն Սիւնին (Պետրոս Փարեան), որ իր շրջապատէն կը զատորոշուէր իմացական թէ հոգեկան բարձրութեամբ,  գաղափարական պատրաստուածութեամբ եւ ժողովրդանուէրի յստակատեսութեամբ:

Ատենի ՀՅԴ Պոլսոյ Կ.Կ.-ի անդամ Բաբգէն Սիւնիի մտքին մէջ ծնունդ կ՛առնէր Պանք Օթոմանի գրաւումի ծրագիրը, որուն յաջողութեան համար կը լարէր իր ամբողջ ուժն ու կարողականութիւնը: Հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու, ան կը յաջողէր օրուան ղեկավարութեան աջակցութիւնը ապահովել եւ նախաձեռնել կազմակերպչական տենդագին աշխատանքի:

Յայտնապէս, դաշնակցական մտածողութեան յարիր իր իւրայատկութեամբ բնորոշ Բաբգէն Սիւնիի կը միանային այլ յեղափոխականներ` Արմէն Գարօ, Հրաչ Թիրիաքեան, մշեցի Միսաք, Ռուբէն, Սամաթիոյ շրջանի տղաքը, երկտասնեակ մը արիասիրտ ազատամարտիկներ, որոնց կը վիճակուէր գրաւել դրամատունը, կռուի բռնուիլ այլուր, բարենորոգումներու պահանջներ ներկայացնել, զարնել ու զարնուիլ, եւ միանգամայն ամբողջ Պոլիսը սարսափի մատնելու հեռակայ մտադրութեամբ անոնք կը յաջողէին իրենց առաքելութեան մէջ:

Ինչպէս դիւրին չէր դրամատան գրաւումի պատրաստութեան աշխատանքները (զինամթերքի փոխադրութիւն, զինական-մարտական պատրաստութիւն, լրտեսներու եւ դաւաճաններու շրջանցում, եւ այլն), նոյնքան եւ աւելի ուժգին էին դրամատան գրաւումին առաջին ժամերն ու հետագայ գործողութեան հոլովոյթը:

ՀՅ Դաշնակցութեան գերազանցապէս գաղափարական, եռանդուն եւ խրոխտ երիտասարդներէն Բաբգէն Սիւնի կը նահատակուէր դրամատան գրաւման առաջին վայրկեաններուն:

Ճիշդ է, որ ան գործողութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած էր, սակայն անոր նահատակութեամբ չէր աւարտեր սրբազան առաքելութիւնը:

Փաստօրէն, ուխտապահ ընկերները շարունակեցին կռիւը եւ ցոյց տուին արիութեան ու ճակատումի սքանչելի օրինակներ:

Ահ ու սարսափի մատնուած թշնամի ուժերն ու եւրոպական երկիրներու տարբեր ներկայացուցչութիւններ, արդէն կը դիմէին միջամտութիւններու, որպէսզի բանակցութեամբ վերջ տրուէր գործողութեան:

Թէեւ դրամատան գրաւումին, ահաւոր կռիւին ու բանակցութիւններու ընթացքին, մեծ եղաւ ազատամարտիկներու տոկունութիւնն ու առաջադրուածը իր լրումին հասցնելու կամքը, այդուհանդերձ, առաւելագոյն յաջողութիւն ձեռք ձգելու մտադրութիւնը ունեցաւ այլ հունաւորում:

Եւ, եթէ երբեք 115 տարիներու հեռաւորութեամբ պիտի վկայակոչենք այս արարքին էական յատկանիշները, փաստօրէն, այդ տարրերուն առ այսօր կենսունակութիւնն ու անժամանցելիութիւնը ինքզինք պարտադրող իրողութիւններ են:

Այլ ասած, հայ ժողովուրդի  դարաւոր գոյամարտի տարբեր հանգրուաններուն, ինչն է եղած ագուցող յատկութիւնն ու զիրար ամբողջացնող օղակը, եթէ ոչ ազատասէրի եւ հայրենասէրի բոցավառ ճրագը:

Աւելի՛ն. դաշնակցական հաւատոյ հանգանակին ու գաղափարական հնոցին մէջ թրծուած իրերայաջորդ սերունդներու միջեւ ինչն է ամրագրուածը եթէ ոչ գաղափարայնութիւնն ու գերկշռող բարոյականութիւնը, ազատամիտի կերպարն ու մարտունակ դիմագիծը, խանդավառ եւ արիասիրտ կեցուածքը, յանդուգն արարքներու ստեղծիչը,  ազգայնական մօտեցումներու որդեգրումը, ժողովրդանուէր ըլլալու հարազատութիւնը, քաղաքականապէս հասունացման մակարդակը, յեղափոխաշունչ ապրումներու բացարձակ խայտանքը, ասպետականութիւնը:

Յիշեցում մը:

Եւրոպայի լուսաւոր երկիրներէն` Նորվեկիոյ մէջ, քանի մը շաբաթ առաջ տեղի կ՛ունենար սպանդ մը, յանուն քաղաքական հաշուարկներու եւ այսպէս ասած գաղափարական-մշակութային տժգոյն հասկացողութիւններու, որոնց զոհ կը դառնային բազմաթիւ անմեղ անձեր:

Յիրաւի, ամբողջ մարդկութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ քստմնելի ոճիրի, թշուառ եւ վեհերոտ արարքի, տխեղծ վարմունքի եւ մարդատեաց կազմաւորումի,  որուն ծալքերուն ծանօթացումին համար դեռ ժամանակ է պէտք:

Անդին, դաշնակցական գրականութեան փառահեղ էջերուն վրայ արձանագրուած 115-ամեայ Պանք Օթոման գործողութիւնը, թէեւ կը միտէր Եւրոպայի շահերը հարուածել, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել հայութեան դէմ ի գործ դրուած օսմանեան ջարդերուն վրայ եւ ցուցական այդ արարքով թշնամին հարուածել, այդուհանդերձ, ոչ մէկ ատեն նախճիրներ գործելու կացութեան մէջ կը գտնուէին ազատութեան բագինին նուիրեալները:

Որովհետեւ, դաշնակցական գաղափարայնութեամբ, մարդկային վեհափառ արժանիքներու եւ յեղափոխական տրամադրութեամբ յագեցած ծարաւ հոգիներու համար, պարզապէս նման վատոգի մօտեցումներ թոյլատրելի չէին, բացարձակապէս:

Ահաւասիկ ժառանգաբար ապրելու ասպետական տիպականութիւնը:

ՀԱՄԲԻԿ  ՊԻԼԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES