ՃԱՏՐԱԿ. «ԷՅՄՊԸՐ»Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՈՆԵԱՆԻ ԿՐԿՆԱԿԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Երէկ, Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) սկսաւ «Էյմպըր»ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 12 վարպետներու:
Մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան Ա. հանգրուանին կատարած իր մրցումներուն արձանագրեց կրկնակի յաղթանակ մը` պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը` հոլանտացի Անի Կիրին:
Հայրենի վարպետը «կոյր» մրցումին ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց: Երկու ժամուան դադարէ մը ետք, այս անգամ արագ ճատրակի մրցումին Արոնեան սեւ քարերով յաղթեց իր մրցակիցին` 40-րդ շարժումին:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին հոլանտացին ամէնէն ցած վարկանիշը ունի:
2-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հիքարի Նաքամուրա:
CATEGORIES Մարզական


