ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ «ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ՕԳՈՍՏՈՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆԻՒԹԵՐԸ
Նախապէս յատուկ ակնարկով մը անդրադարձած էինք թրքալեզու «Ֆաքթէօր 301» կայքէջի ծննդոցին: Արդէն իսկ կայքէջին վրայ տեղադրուած են օգոստոս ամսուան նիւթերը:
«Ֆաքթէօր 301-ին ոսպնեակէն» բաժինին մէջ տեղադրուած է թիւին խմբագրականը:
Խմբագրականին նիւթը Սեւրի դաշնագիրին մասին է, որ կը կրէ «Հայ դատի ուղին, ճիշդ ճանապարհը Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրն է» խորագիրը:
Կայքէջին այս ամսուան «Լուրեր» բաժինը կը բաղկանայ 17 լուրէ:
Անոնք մեծամասնութեամբ առնուած են «Ազդակ»էն եւ կամ «Ֆաքթէօր 301»ին կողմէ պատրաստուած:
Լուրերը հետեւեալներն են.
1.- Եգիպտոսի մեջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ պարգեւատրում` Հայ դատի արաբ բարեկամ Մոհամետ ՌիՖաթ Իմամի:
2.- Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ առաջադրուած եւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած` Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ իրաւունքները:
3.- Վանի մէջ տեղի ունեցած մշակութային փառատօնը:
4.- Հայաստանի մէջ հանդիպում` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի եւ Քարոլայն Քոքսի միջեւ:
5.- Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործունէութիւնը:
6.- Հրանդ Տինքի ահաբեկիչ Օկիւն Սամասթի 22 տարի եւ 10 ամիս բանտարկութեան դատապարտում:
7.- Նոյեան տապանէն մասունք մը նուիրուած` Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի թանգարանին:
8.- Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը առաջին անգամ կը տիրանայ աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին:
9.- «Հիւրրիյէթի» մէջ լոյս տեսած «Ի՞նչ ըսած էր Սարգսեան» խորագիրը կրող լուրը, որ Հայաստանի նախագահի մասին կատարուած քանի մը խեղաթիւրումներ երեւան կը հանէ:
10.- «Արմենիա» առագաստանաւի Պէյրութ կանգ առնելը:
11.- Իտալական «Իլ Տեմոքրաթիքօ» թերթի արցախամէտ կեցուածքը:
12.- Յուլիս ամսուան ընթացքին հայկական-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ազրպէյճանցիներու կողմէ 1100 անգամ զինադադարի խախտում:
13.- Թուրքիոյ մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին նահատակուած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահինը սպաննողին համար կը պահանջուի 9 տարուան բանտարկութիւն:
14.- Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանի հանդիպումը Լիբանանի նախագահին հետ:
15.- Թուրքիոյ մէջ զինուորական ղեկավարներու հրաժարական-փոփոխութիւնը:
16.- Համացանցի «Կուկըլ Վոյս» նոր ծառայութեան մէջ կը ներառուի «Արցախ»ը` իբրեւ Հայաստանի տարածք:
17.- Սուրիոյ կացութիւն եւ նախագահ Ասատի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի հանդիպում:
«Յօդուածներ»ու բաժինին մէջ զետեղուած է «Երկիր մետիա»ի լրագրող Լիլիթ Գասպարեանի «Թուրքիոյ մէջ հայաստանցի օտարական մը ըլլալ» խորագիրը կրող նիւթը:
«Հայոց ցեղասպանութիւն» բաժինին մէջ տեղադրուած է Յարութ Սասունեանի «ՓրոՖ. Աքչամ կը բացայայտէ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար գիտնականներ կաշառելու ծրագիրը» խորագիրը կրող յօդուածը:
«Յատուկ հարցազրոյցներ» բաժինին մէջ տեղադրուած է Ֆեթհիյէ Չեթինի հետ հարցազրոյց մը` իսլամացած հայերու մասին, յատկապէս «Թորունլար» գիրքի առնչութեամբ:
«Մշակոյթ արուեստ» բաժինին մէջ կը կատարուի «Թորունլար» գիրքի ներկայացում, ընդհանուր գլուխներու յիշատակում® Յառաջաբանի եւ վերջաբանի կարճ մէջբերում: Ապա գիրքի երկու հեղինակներուն` Ֆեթհիյէ Չեթինի եւ Այշէ Կիւլ Ալթընայի համառօտ կենսագրական:
«Ականաւորներ»ու բաժինին մէջ ներառուած է հանգուցեալ Ժիրայր Օհանեան Չաքըրը (Ճատրակի հայր): Անոր մասին կրնանք ըսել մեծ եղած է վաստակը Թուրքիոյ մէջ Ճատրակի ծաւալման առումով, իր անունով ամէն տարի ճատրակի ախոյեանութիւն կը կատարուի:
«Հայերու յուշատետր» բաժինը կ՛անդրադառնայ Պանք Օթոմանի դէպքին:
«Հայաստանի Հանրապետութիւն» բաժինին մէջ երկու նիւթ կայ:
ա.- Հայաստանի նախագահի արտայայտութիւնը արեւմտեան Հայաստանի եւ Արարատ լերան մասին:
բ.- Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Տոնոյեանի ելոյթը` Ազրպէյճանի զինուորական շքերթին մասին:
«Արեւմտեան Հայաստան» բաժինին մէջ եւս երկու նիւթ կայ:
ա.- Սփիւռքի հայերու հետազօտութեան կեդրոնի կողմէ Ֆրանսայի Սեւր շրջանին մէջ կատարուելիք արեւմտահայերու 3-րդ համագումարին մասին:
բ.- Սեբաստիոյ շրջանի մէջ «Սարը տայը»ին թաղման արարողութեան մասին:
«Ջաւախք» բաժինին մէջ կայ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ելոյթի անդրադարձը: Յակոբեան ջաւախքահայութեան մասին վերջերս իր տպաւորութիւնները յայտնած էր վրացական «Սամշրեթիս գարիպչէ» թերթին:
Կիլիկիոյ մասին նոյնպէս կայ երկու նիւթ:
ա.- Սիսի մասին յօդուած մը, որ արտատպուած է «Հիւրրիյէթ»էն:
բ.- Ալեքսանտրէթի մէջ հայ առաքելական Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ նոր կրօնաւորի նոր նշանակումով ժամերգութիւններու վերսկսում:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն (ԼՂՀ) ԱՐՑԱԽ» բաժինին մէջ կայ երկու նիւթ.
ա.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպումը Հայաստանի նախագահի գլխաւոր ռազմական տեսուչ զօր. Միքայէլ Յարութիւնեանի հետ:
բ.- Ղարաբաղը, թղթակից Եւգենի Փուտմանի ոսպնեակէն դիտուած եւ անոր տուած տեղեկութիւնները, որ լոյս տեսած են «Էխօ Մոսքվի» թերթին մէջ:
«Երէկ եւ այսօր» բաժինին մէջ կրնանք տեսնել Սուրբ Առաքելոց վանքի մասին տեղեկութիւններ եւ անոր կողքին երկու իրար կցուած լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան անցեալն ու ներկան, կը ներկայացուի Արագ գիւղը: