ՕՊԱՄԱ ԵՒ ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒՆ «ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ» ԴԱԴՐԵՑՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ

Նախագահ Օպամա եւ Ապտալլա թագաւոր

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Ապտել Պըն Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորը շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդագրութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Հաղորդագրութիւնը կը հաղորդէ, որ «երկու ղեկավարները իրենց հասարակաց եւ լուրջ մտավախութիւնը յայտնած են իր քաղաքացիներուն դէմ սուրիական կառավարութեան կիրարկած բիրտ ուժին նկատմամբ եւ համաձայն գտնուած, որ իր ժողովուրդին դէմ սուրիական վարչակարգին շղթայազերծած վայրագ բռնարարքները պէտք է անմիջապէս դադրին»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ անոնք որոշած են յառաջիկայ օրերուն Սուրիոյ իրադարձութեանց շուրջ իրենց մանրամասն խորհրդակցութիւնները շարունակել:

Նշենք, որ կը նախատեսուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Սէուտական Արաբիա այցելէ:

Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզօղլու քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մանաւանդ այս պահուս Սուրիոյ մէջ զինուորական ընտրանքի մը մասին խօսիլը բացառուած է: Ան հերքեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին թրքական առաջարկները գործադրելու ժամանակացոյց մը ճշդած է` նշելով, որ Տաւութօղլու «Սուրիոյ մէջ ճակատագրական օրեր» խօսքով կ՛ակնարկէր «համապարփակ ցնցումի ճամբով բարեփոխումներուն»:

Հիւրմիւզօղլու յայտնեց նաեւ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` նախագահ Օպամայի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը չէ քննարկուած, այլ` «դէպի ժողովրդավարական առողջ կեանք փոխանցման յարմար ենթահողը»:

Մինչ այդ, թուրք պաշտօնական աղբիւր մը անդրադառնալով Տաւութօղլուի անցեալ չորեքշաբթի օր Դամասկոս այցելութեան, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին փոխանցած թրքական պատգամը յստակ էր»: Աղբիւրը նշեց, որ այդ պատգամը հետեւեալն էր. «Սուրիական վարչակազմին առջեւ այլընտրանք գոյութիւն չունի, արիւնահեղութիւնը անմիջապէս պէտք է դադրի, եւ ոչ ոք կ՛ուզէ անկէ զատ բան մը տեսնել»:

Աղբիւրը աւելցուց, որ «ժամանակը կ՛անցնի եւ ժամանակը շատ յարգի է: Իսկ երբեմն, ինչպէս հիմա, ժամանակը խորքէն կարեւոր է: երկար ժամանակ անցաւ փորձելով բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ, եւ տակաւին գետնի վրայ բարեփոխումի հարցով յառաջդիմութեան կը սպասենք: Սակայն միայն յաւելեալ բռնարարքներ տեսանք»:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը` վկայակոչելով բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւնները, կը գրէ, որ Իրան համաձայն գտնուած է ֆինանսաւորելու Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի օդակայանին կից ռազմակայանի մը կառուցումը:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ բազմամիլիոննոց համաձայնագիրը գոյացած է յուլիսին` Սուրիոյ բարձրաստիճան պատուիրակութեան Թեհրան այցելութեան ընթացքին: Կը հաղորդուի, որ ռազմակայանի կառուցումը կը նախատեսուի աւարտել յաջորդ տարուան վերջաւորութեան: Բրիտանական օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ նոր ռազմակայանի կառուցման գլխաւոր նպատակը Իրանէն Սուրիա զէնք-զինամթերքի փոխանցումն է:

Share this Article
CATEGORIES