ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Քարամէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարելիութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Աստրալիա հաստատուած լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը, որ նախագահին հետ քննարկեց Աւստրալիա կատարելիք անոր այցելութեան մանրամասնութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES