ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՊՊԱՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ապպաս դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն կողմէ:
Ապա նախագահ Ապպաս ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Ապպասի եւ Սլէյմանի միջեւ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ ընդարձակ հանդիպում մը` պաղեստինեան եւ լիբանանեան պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ապպաս ներկայ գտնուեցաւ նախագահական պալատին մէջ ի պատիւ իրեն սարքուած իֆթարին:
Իֆթարին ընթացքին նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը` ընդգծելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցման մերժումին:
Կը նախատեսուի, որ Ապպաս Լիբանան կատարած իր այս այցելութեան ընթացքին բացումը կատարէ նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպանատան, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի այլ պատասխանատուներու


