ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՇՈՒՇԻԻ ԽՈՒՄԲԸ ՏԻՐԱՑԱՒ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 5-րդ խաղերուն, փինկ փոնկի տղոց աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Շուշին եւ Երեւանը, բաւական հետաքրքրական ձեւով ընթանալէ ետք աւարտեցաւ Շուշիի յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով:

Ալեքսանտր Տիարեանի դէմ Յարութիւն Յարութիւնեանի արձանագրած յաղթանակէն ետք, Շուշի 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ: Ապա, Մեսրոպ Ղուկասեան յաղթելէ ետք Վարուժան Պաղտասարեանի, արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1:

Երեւան 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Արշակ Յարութիւնեանի արձանագրած յաղթանակին: Սակայն արցախցի մարզիկները, որոնք որոշած էին չյանձնուիլ, արդիւնքը հաւասարեցուցին (2-2), երբ Մեսրոպ Ղուկասեան յաղթեց Յարութիւն Յարութիւնեանի:

Վերջապէս, 5-րդ եւ վերջին ճակատագրական մրցումին, Վարուժան Պաղտասարեան յաղթելով ապահովեց վերջնական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES