«ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՂՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ» ԸՍԱՒ ՌՈՍՏՈՄԵԱՆ

Համահայկական 5-րդ խաղերու իրաւարար եւ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան հայկական լրատու աղբիւրներու հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ բաղդատմամբ նախորդ Համահայկական խաղերուն, այս անգամ անոնք կ՛ընթանան մեծ հետաքրքրութեամբ` նկատի ունենալով, որ մասնակցող մարզիկներուն մօտ արհեստավարժ մարզը բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած է:

«Պասքեթպոլի մարզիկներուն մօտ, մրցում կատարելու մակարդակը շատ բարձր է, մանաւանդ որ անոնք կը փորձեն տալ իրենց առաւելագոյնը: Նոյնիսկ իրաւարարները, որոնք ժամանած են տարբեր ցամաքամասերէ, զգալի է, որ ունին փորձառութիւն: Ինչպէս նախապէս յայտարարեցինք, մարզիչները լաւապէս պիտի հետեւին իւրաքանչիւր խումբի կատարած մրցումին, որովհետեւ խաղերէն ետք պիտի յայտարարենք այն 18 մարզիկներուն անունները, որոնք մաս պիտի կազմեն Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին, ինչ որ բնականաբար մեծ պատիւ է անոնց համար», ըսաւ Ռոստոմեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES