ՎԱՆ ՓԵՐՍԻ` ԱՐՍԵՆԱԼԻ ԽՄԲԱՊԵՏ
Հոլանտացի միջազգային յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի նշանակուեցաւ Արսենալի նոր խմբապետ, այսպիսով յաջորդելով Սեսք Ֆապրեկասի, որ իր ակումբը լքելով միացաւ Պարսելոնայի:
28 տարեկան հոլանտացին նախանցեալ օր Ուտինեզէի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին իր այդ նոր պաշտօնը չստանձնեց` նկատի ունենալով, որ կախակայուած էր: Ան խումբին խմբապետի պաշտօնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ստանձնէ այս շաբաթավերջին, երբ լոնտոնեան կազմը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը:
Նշենք, որ Արսենալի մարզիկներէն Սամիր Նասրի այս շաբաթավերջին իր կազմը լքելով կը միանայ Մանչեսթըր Սիթիի:
Այլ գետնի վրայ, Արսենալի նոր միացած փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Ժերվինիօ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ շաբաթավերջին Նիւքեսըլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ իր կարծր խաղարկութեան պատճառով: Ան նախորդ ամիս Լիլէն միացաւ լոնտոնեան կազմին: