ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐ
Երէկ առաւօտուն, Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ այս 5-րդ խաղերուն մասնակցողները այցելեցին հայոց Մեծ եղեռնի զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեր մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին:
Նշենք, որ երէկ Համահայկական 5-րդ խաղերուն գծով որեւէ մրցում տեղի չունեցաւ` նկատի ունենալով, որ մարզիկները հանգիստի մէջ էին:
Մրցումները կը վերսկսին այսօր:
CATEGORIES Մարզական


