ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐ ՆԻՍՏ ՄԸ

Խորհրդարանի ժողովասրահը` օրէնսդրական նիստին պահուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ կառավարութեան անդամ նախարարներուն, երէկ նախագահեց խորհրդարանին գումարած օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան ինը օրինագիծեր, երեք ուրիշներ փոխանցուեցան խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն` սերտուելու յաւելեալ կարիքի պատճառով, իսկ երբ առաջարկուեցաւ Պետական շուրայի օրէնքին 93-րդ յօդուածին փոփոխութիւնը, ընդդիմադիր երեսփոխանները լքեցին խորհրդարանը եւ կարելի չեղաւ այդ օրինագիծը վաւերացնել բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանին վաւերացուցած ինը օրէնքներուն շարքին են հանրային վայրերու մէջ ծխելու արգիլումը, դատաւորներու աշխատավարձերու ֆինանսաւորումը, որուն ընդդիմացաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:

Խորհրդարանը նաեւ վաւերացուց կեդրոնական քննչական վարչութեան մէջ կրթական քննչութեան մարզին մէջ աշխատող քննիչներուն եւ օգնական քննիչներուն պաշտօնի արտակարգ բարձրացում տալու օրինագիծը:

Մեկնումի պահուն վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի գումարած օրէնսդրական նիստը բաւական արդիւնաւէտ եղած է` աւելցնելով, որ ինք նիստին ներկայ գտնուելուն պատճառով չէ կրցած հետեւիլ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրին, հետեւաբար ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կրնայ կատարել այդ իմաստով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES