ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաֆրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, յատկապէս ճարտարարուեստի մարզին վերաբերեալ:
Նախարար Սապունճեան հաստատեց Կիպրոսի եւ Լիբանանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները բարելաւելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով աշխարհագրական առումով Կիպրոսի մօտ ըլլալը Լիբանանին:
Ան հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին պարագային որակի պահպանումը կարեւոր է, որպէսզի անոր դիմաց բաց ըլլան բոլոր շուկաները եւ կարելի ըլլայ լիբանանեան արտադրութիւնները արտածել դէպի եւրոպական երկիրներ:
CATEGORIES Լիբանանեան